Եկեղեցական Երգեցողութեան Ուսմանց Կեդրոնը տարիներէ ի վեր կը գործակցի՝ Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնին հետ, յատկապէս՝ Մխիթարեան Միաբանութեան յատուկ երգեցողութեան ոճի ժառանգորդ՝ Հ. Վրթանէս Ուլուհոճեանի դիւաններուն կազմութեան համար։ Այս աշխատանքի ծիրին մէջ, Ակն եւ Հ. Վրթանէս արձանագրած են սալիկ մը, որ առաջինն է նախատեսուած շարքին։ Այստեղ, Հ. Վրթանէս կը մեներգէ եւ Ակն երգչախումբը կը կատարէ խմբային շարականները։
Կրնաք սկաւառակէն հատուած մը լսել։

<a href="/docs/MkhitP7B.mp3">Écouter</a>

Ապսպրել

© Association Akn 2005. Réalisé par Symétrie. Reproduction interdite sans accord écrit.