2007 Փետրուար 28 եւ Մարտ 1՝ Սէն՚թ Էթիէնի համալսարանին մէջ աշխատանոց, զոր պիտի վարէ Արամ Քերովբեան։

Աշխատանոցներուն հիմնական նպատակն է՝ մասնակիցներուն մէջ ձայնեղանակային երգեցողութեան հանդէպ զգայնութիւն արթնցել։ Ձայնապահութեամբ սկսող եւ աստիճանաբար յառաջացող աշխատանքի մը ընթացքին, մասնակիցները, խմբովին կը ծանօթանան անհաւասարաչափ եւ բնական ձայնամիջոցներու, յետոյ, լսելով եւ կրկնելով կը սորվին հայկական եկեղեցական երգեր։

Կեդրոնին կազմակերպած աշխատանոցները հանրութեան բաց են. անոնց կրնան մասնակցիլ թէ՛ սիրող եւ թէ արհեստավարժ երաժիշտները, ինչպէս նաեւ երաժիշտ չեղող անձինք։

Առաջարկուած աշխատանքը ունի երկու նպատակ.

1– Անհատի՝ ինքն իր ձայնովը կատարելիք աշխատանքը, զայն բնական ձեւով արտադրելու, շնչառութիւնը կանոնաւորելու, մարմինը ճնշումէ զերծ պահելու համար։

2– Ձայնեղանակներու իւրացումը՝ այլեւս մեր առօրեայէն բացակայ եղող բնական ձայնամիջոցներու ընդմէջէն։ Այս աշխատանքով մասնակիցը երգին կը մօտենայ ձայնեղանակի ծիրին մէջ, եւ ոչ որպէս ձայներու յաջորդականութենէ կազմուած եղանակ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝

© Association Akn 2005. Réalisé par Symétrie. Reproduction interdite sans accord écrit.